2009-07-12 15:35:10

Հայկական գաղութներ’ Խրիմահայեր միջնորդ` դիւաբնագիտական ղարաբերութիւններու մէջ` Եկեղեցական նուիրակներ Խրիմի մէջ։


Հայկական գաղութներ’ Խրիմահայեր միջնորդ` դիւաբնագիտական ղարաբերութիւններու մէջ` Եկեղեցական նուիրակներ Խրիմի մէջ։



Խրիմի հայոց եկեղեցիներու ու վանքերու բռնգարաւումէն, կրօնափոխութեան պարտադրանքներէն եւ յետոյ ալ եկեղեցիներու վերադարձուելէն ու ազատութիւն շնորհուելէն ետք, եկեղեցական կեանքը վերակազմելու եւ աշխուժացնելու նպատակով 1506ին Էջմիածինէն Կաֆա ուղարկուեցան երեք նուիրակներ՝ Յովհաննէս եւ Սարիս եպիսկոպոսներ եւ Դաւիթ աբեղայ։ Անոնք նախ մեկնեցան Պոլիս, ուրկէ յետոյ ծովու ճամբով անցան Խրիմ՝ աննախընթաց խանդավառութիւն ստեղծելով ժողովուրդին մէջ։

Կաֆայէն յետոյ անոնք անցան Ղարապողտան (Պեսարապիա), ուր կեդրոնացած էր Խրիմէն գաղթական հայութեան մէկ ստուար համեմատութիւնը։ Էջմիածին վերադարձի ճամբուն վրայ, 1506 Հոկտեմբերին անոնք նահատակուեցան Ամասիոյ մէջ։



Խրիմահայ բանագնացներ - Ռուսիոյ եւ Խրիմի խանութեան միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան Իվան Գի մահէն ետք, 1505ին, երբ անոր յաջորդեց զաւակը՝ Վասիլի Գ։ Խրիմ զօրավիգ կանգնեցաւ Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ, որոնք Ռուսիոյ մրցակիցներն էին։ Սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կռիւներն ու ասպատակութիւնները անպակաս էին, իսկ 1512ին մեծ պատերազմ ծագեցաւ Լեհաստանի եւ Մոսկուայի միջեւ։

Այս ժամանակ խրիմահայ քանի մը վաճառականներ դիւանաիտական բանակցութեան ձեռնարկեցին լուծելու համար տագնապը անոնցմէ Աւետիք եւ Գրիոր Վասիլի Գի եւ Մենկլի խանին միջեւ միջնոդրի դեր կատարեցին, իսկ Սարգիս Բաբեկ դիւանագիտական կարեւոր յանձնարարութիւն կատարեցին երկու պետութիւններուն միջեւ։ Աւետիք խանին հրովարտակին մէջ յիշուած է իբրեւ իր հպատակը, որ առեւտուր կատարելու համար Լեհաստանէն անցած է Մոսկուա, ուր ժամանակ մըն ալ ձերբակալուած է իսկ Գրիգորի մասին խանը յիշած է, որ իշխան Միխայլօ Լվովիչ անկէ բռնագրաւած է վեց հազար ալթին դրամական արժողութեամբ կզաքիսի մորթ խանը կը խնդրէր իշխան Լվովիչէն բռնագրաւուած մորթեղէնը յանձնել իր կողմէ ղրկուած եւ յատուկ յանձնարարականով օժտուած Սարգիսին եւ Պապա Քատիրին։



Կաֆայեցի հայ հեղինակաւոր առեւտրական Կակոս Ժիդովին

Կաֆայի հայ առեւտրականներուն եւ քաղաքական գործիչներուն մէջէն հռչակաւոր դարձաւ Կակոս (Կիրակոս), որ ճանչցուած է Ժիդովին մականունով։ Ժիդովին հայերէնով թարգմանուած է ջհուդանման կամ ջհուդատիպ իմաստով։ Անոր այդ մականունը տրուած էր իր ժլատ բնաւորութեան եւ վաշխառուական գործունէութեան իբրեւ բնորոշում։ Հետաքրքրական է նշել, որ ռուս առեւտրականներու եւ արդիւնաբերողներու ականաւոր Եւրէինովներու գերդաստանին անունն ալ նոյն իմաստը ունի։

Կակոս առեւտրական լայնածաւալ գործունէութիւն ունէր Խրիմի եւ Մոսկուայի մէջ եւ տարիներու ընթացքին վիթխարի հարստութիւն ձեռք ձգելով եւ մօտիկ բարեկամութիւն հաստատելով տարբեր իշխանաւորներու հետ՝ երեւելի դէմք դարձած էր։ Անոր օժանդակութեամբ եւ միջնորդութեամբ է, որ Մոսկուայի մեծ իշխան Իվան Գ առաջին անգամ դիւանաիտական յարաբերութիւն հաստատեց Խրիմի Մենկլի Գիրէյ խանին հետ, որուն իբրեւ վարձատրութիւն՝ մեծ իշխանը առատօրէն վարձատրեց հայ առեւտրականը։

Այդ ժամանակ Իվան Գ եւ Խրիմի թաթար խաները բազմաթիւ տարակարծութիւններ ունէին եւ քաղաքական մրցակցութեան մէջ էին։ Կաֆայի ճենովական իշխանութիւններուն հետ եւս Մոսկուա հարցեր ու տագնապներ կը դիմագրաւէր, եւ այդ պատճառով ալ մոսկուացի վաճառականներ մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին Խրիմի մէջ։ Իվան Գ 1474ին Մոսկուայի մէջ խանին դեսպանէն պահանջեց վերջ տալ մոսկուացի վաճառականներուն նկատմամբ կիրարկուող ճնշումներուն։ Մեծ իշխանը նաեւ Կաֆա ուղղուող իր դեսպանին հրահանգեց գտնել հայ վաճառական Կակոսը եւ անոր հետ խորհրդակցիլ ճենովական իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու ձեռնարկելէ առաջ։

Իվան Գ 1475ին որոշեց իր զաւկին կնութեան առնել Մանուպի իշխանին դուստրը եւ խնամախօսի պարտականութիւնը յանձնեց Կակոսի։ Կակոս բանակցութեան մէջ մտաւ կողմերուն միջեւ եւ յաջողեցաւ իրականացնել իրեն յանձնուած պարտականութիւնը՝ բարձր գնահատանքի արժանանալով։

Խրիմի օսմանեան գրաւումէն ետք (1475ին), երբ հայերու եւ ընդհանուր առմամբ բոլոր քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներ եւ կրօնափոխութեան պարտադրանքներ ծայր առին, Կաֆայի եւ շրջակայքին մէջ գործող ռուս վաճառականներ գերի բռնուեցան թաթարներուն կողմէ եւ կալանաւորուեցան։ Կակոս, իբրեւ մօտիկ բարեկամ Իվան Գի եւ ռուսերուն, փրկագին վճարելով ազատեց ռուս վաճառականները, անոնց հագուստներ գնեց եւ ուղարկեց Ռուսիա։

Իբրեւ գնահատանք ռուսական պետութեան մատուցած իր ծառայութիւններուն՝ Իվան Գ 1486ին յատուկ գնահատանքի եւ շնորհակալութեան գիր ուղարկեց Կակոսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.